Loading Events

« All Events

  • This event has passed.

PENTECOST (Advent of the Holy Spirit)

May 28, 2023

PENTECOST (Advent of the Holy Spirit)

Acts 2:1-21, John 14:25-31

Pentecost is one of the most important feasts on the Christian calendar that falls fifty days after Easter. The feast marks the event of the descent of the Holy Spirit on the apostles of Jesus gathered in the Upper Room in anticipation of the fulfillment of the Lord’s promise. The Holy Spirit came in the form of a “tongues of fire”, as of a rushing wind,” rested upon the apostles and transformed them from a band of fearful and timid individuals into a force of bold and empowered leaders. The Church celebrates Pentecost not just as a historical event but as the feast of empowerment of every believer who receives the Holy Spirit in the Sacrament of Holy Chrismation.

Recording the words of Christ, St. John writes, “The Comforter, the Holy Spirit, whom the Father will send in my name, will teach you everything and make you remember all that I have told you.” (John 14:26). The descent of the Holy Spirit is described in the Acts of the Apostles: (Acts 2:1-4).

ՀՈԳԵԸԳԱԼՈՒՍՏ

Հոգեգալուստը՝ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ սկզբնաւորութիւնն է: 33թ. Յ.Ք Երուսաղէմի մէջ, Յիսուսի Համբարձումէն տաս օրեր յետոյ, այսինքն ԶԱՏԻԿԻՆ 50րդ օրը, հրէական «ՊԵՆՏԵԿՈՍՏԷ» կոչուած տօնին յաջորդող Կիրակիին տեղի ունեցաւ Հոգեգալուստը:

«Երբ Պենտեկոստէի տօնը հասաւ, բոլորն ալ միաբան՝ (հաւաքուած բազմութիւնը հարիւր քսան հոգիի չափ էր, տէս Գործք Ա:15) մէկ տեղ էին: Յանկարծ շառաչ մը եղաւ երկինքէն՝ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս, ու լեցուց ամբողջ տունը՝ ուր նստած էին: Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ, ու հանգչեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ: Բոլորն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ ուրիշ լեզուներով, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար: Երուսաղէմ բնակող Հրեաներ կային, բարեպաշտ մարդիկ՝ երկինքի տակ եղած ամէն ազգէ: Երբ այս ձայնը եղաւ, բազմութիւնը համախմբուեցաւ ու շփոթեցաւ, որովհետեւ կը լսէին թէ անոնք կը խօսէին իրենցմէ իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով: Բոլորն ալ զմայլած էին եւ կը զարմանային՝ իրարու ըսելով. «Ահա՛ ասոնք բոլորն ալ՝ որ կը խօսին, միթէ Գալիլեացի չե՞ն:

Ուրեմն ի՞նչպէս կը լսենք՝ մեր իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով, այն երկրին՝ որուն մէջ ծնած ենք.   Պարթեւներ, Մարեր ու Եղամացիներ, եւ անոնք որ կը բնակին Միջագետքի, Հրէաստանի, Կապադովկիայի, Պոնտոսի, Ասիայի, Փռիւգիայի, Պամփիւլիայի ու Եգիպտոսի մէջ, եւ Կիւրենէի մօտ՝ Լիպիայի կողմերը, նաեւ Հռոմէն գաղթած Հրեաներ ու նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբներ, կը լսենք թէ անոնք կը խօսին Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին՝ մե՛ր լեզուներով»: Բոլորն ալ զմայլած էին, ու տարակուսած՝ կ՚ըսէին իրարու. «Ի՞նչ կրնայ ըլլալ ասիկա»: Ոմանք ալ ծաղրելով կ՚ըսէին. «Անոնք լի են անոյշ գինիով»:

Պենտեկոստէի դէպքին արդիւնքները քլխաւորաբար երկուք են: Առաքեալներու կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ յառաջ բերւեցան: Փոխուեցան անոնց զգացումները, խորհուրդները, կեանքի հանդէպ անոնց գաղափաբարները: Փոխուցան նաեւ անոնց շարժումները, որովհետեւ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին ցոյց տուաւ իրենց որ աշխարհը ուրիշ կերպարանք մը եւ նոր իմաստ մը ունի եւ իրենք ալ աշխարհի համար նորոգուած անձեր եղան: Առաջ վախկոտ էին, բայց ահա հիմա քաջութեամբ լեցուած են եւ պատրաստ են դարձնելու իրենց կեանքը իբր միջոց նուիդուելու եւ ծառայելու:

Պենտեկոստէի միւս գլխաւոր արդիւնքն էր որ երեւան բերաւ՝ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ հրաշալի հաստատութիւնը՝ այսինքն ծնաւ քրիստոնէական Եկեղեցին:

Քրիստոնեաներուն թիւը Սուրբ Հոգիի իջած օրը 120 էր բայց Պետրոս առաքեալի քարոզութեամբ (քարոզողը՝ Սուրբ Հոգին էր) 3000 հոգիներ մէկ անգամէն դարձի եկան եւ իրենց թիւը աճելով դարէ ի դար այսօր 800 միլիոնը անցաւ: Հրաշալի ու յարատեւ այս աճումը Եկեղեցին կը պարտի՝ Ս.Հոգիի ներգործութեան, առաքեալներու եւ առաջին քրիստոնեաներու աղօթքին, հաւատքին, գործին եւ նուիրումին:

Details

Date:
May 28, 2023
Event Category: