Բացառիկ պարագաներու աղօթքներ

Իմ Անկիւնէս                                   Եսթեր Կարապետեան



          Այս տարուայ ակամայ արգելափակումը, առ ի զգուշութիւն համատարած Պսակաւոր ժահրին” Covid—19, մեզ շատ բաներէ զրկեց,ի մասնաւորի ընկերային փոխ յարաբերութիւններէ — ծրագրուած ձեռնարկները յետաձգուեցան կամ բոլորովին ջնջուեցան,շրջանաւարտութեան հանդէսներ,տարեդարձներ, նոյնիսկ պսակներ յետաձգուեցսն և կամ շատ սեղմ շրջանակի մէջ կատարուեցան։ Զրկուեցանք տօնական օրերու առարողութիւններէ և նոյն իսկ կիրակնօրեայ պատարագէն:


     Մասամբ մը կարողացանք մասնակցիլ աղօթքներուն համացացի պարգեւած թիւրութիւններով, բայց սնձնական ներկայութիւնը տարբեր է:
     Այս շրջանին կը թուի թէ մարդիկ քիչ մ`աւելի առիթ ունեցան մօտենալու Աստուծոյ, քանի ամէն տան մէջ կը հնջէր եկեղեցիներէ սփռուած աղօթքները;
      Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին անմաս չի մնաց այս աղօթքներէն .շնորհիւ իր քաջ հովիւին, Տէր Դանիէլին յարատեւ ջերմերանդութեան:


       Սկսեալ Մարտ ամիսէն, որ կը զուգադիպէր դժբախտաբար մեր սիրելի ընկերուհիին, Նօրիկի անհանգստութեան և ժահրին աւերներուն, Տէր Դանիէլ սկսաւ ամէն շաբթուայ Երեքշաբթի և Ուրբաթ երեկոները ժամը 6.30ին, հրաւիրել հաւատացեալները իրեն միանալու երեկոյան ժամերգութեան և հիւանդներու բժշկութեան աղօթքներու: Երկլեզու, Այգլերէնով և Հայերէնով կը բացատրէ նպատսկը այս ջերմերանդութեան և նոյնիսկ կ`առաջարկէ բաժակ մը ջուր ունենալ օրհնուելու համար:
   

Արդէն ամէն շաբթուայ սկիզբը կ՛ստանանք մտածականի նիւթ մը կամ աղօթք մը յիշեցումով աղօթքի օրերուն և webside:
      Մի քանի անգամ ուշադրութենէս վրիպելէ ետք, այժմ հաւատարմաբար կը հետեւիմ այս հոգեպարար սղօթքներուն:
      Տէր հայր կը կարդայ Սուրբ Գիրքէն սաղմոսներ, աղօթքներ(երկլեզու), Ցակոբոս առաքեալի թուղթէն և Ցովհաննու Աւետարանիչէն յատուածներ հոգեկան և մարմնական բժշկութեան վերամբմամբ: Երկիւղածութեամբ կը սպասեմ  “Զօրաւոր Աղօթք Նարեկցւոյ,Կենդանի Աստուծոյ Ամենօրհնեալ»ին, որ կարծես սպեղանիի մը պէս կ՛իջնէ մեր հոգիներուն վրայ: Թէպետեւ կ՜արտասանեմ այս աղօթքը ամէն երեկոյ, բայց ան տարբեր կը հնջէ տէր Հօր շրթունքներէն, հայրապետական օրհնութեան և օգնութեան մը պէս: Ջուրի օրհնութենէն ետք մասնաւոր աղօթքով, ան կը յիշէ անունները հիւանդներուն:
     Ինչէս, որ տերունական աղօթքով սկսած էր ժամերգութիւնը, նեյնպթս կը փակէ նաեւ օրհնութեանբ մը:
     Այս վերջին օրերուն, մեր Հայրենիքն ու Արցախը  կ՛ապրին ճգնաժամային օրեր: Դշնամին յարձակած է մեր սահմաններէն ներս և անխնայ կը զառնէ անթիւ զոհեր պատճառելով:
      Այժմ ամէն կողմէ աղօթքներ և աղերսներ կը բարձրանան առ Աստուած, որ օգնութեան հասնի Հայ բանակին և խաղաղ լուծում մը պարգեւէ այս ցաւալի կացութեան:

About the Author

Leave a Reply

*