Loading Events

« All Events

  • This event has passed.

Commemoration Day of 200 Pontiffs participating in the Ecumenical Council of Ephesus

August 5, 2023

The Ecumenical Council of Ephesus was convened in 431 A. D., during the reign of the King Theodosius Small. 200 Pontiffs participated in the Council with the goal to criticize the false teaching of Nestorius, Patriarch of Constantinople. According to his teaching there were two independent – divine and human natures in Christ, contrasting each other. Nestorius preached that Christ was born as a simple man and only later Divinity was settled in His Person, and therefore, the Holy Virgin Mary was not Godmother, but the mother of a simple man.

The Ecumenical Council of Ephesus condemns the teaching of Nestorius and adopts the teaching of St. Cyril of Alexandria as an orthodox teaching, according to which the divine and human natures of Christ do not exist separately, but are united unmixedly, without confusion – one Lord, one Jesus, one face and one united divine and human nature. St. Mary is not the mother of a simple man, but she is Godmother as she gave birth to the Son of God. So, the formulation of St. Cyril of Alexandria: “One is the nature of the Incarnate Word of God” was adopted.

The Armenian Church has not participated in that Ecumenical Council but has adopted its resolutions and ecumenical authority together with the previous Ecumenical Councils.

Տօն Եփեսոսի  Սուրբ Ժողովին Յ.Ք. 431

4Ձ8ին, Նեստորիոս անունով Անտիոքացի վարդապետ մը, Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք նշանակուեցաւ Թէոդոսիոս Բ. Կայսրին կողմէ։ Այդ նոյն տարին ան Աստուածաբանական վէճի մը կը բռնուի «Աստուածածին» եզրը որպէս տիտղոս Յիսուսի մօր՝ Մարիամին գործածելուն պատճառաւ։ Թէեւ այս տիտղոսը հինէն կար եւ կը վայելէր նկատելի ժողովրդականութիւն, Նեստոր սակայն քաջալերեց քննադատութիւնը ընդդէմ այդ եզրին եւ յանձնարարեց պատուել Մարիամը որպէս «Քրիստոսածին» եւ ոչ թէ «Աստուածածին»։ «Քրիստոսածին» եզրը բնականաբար անառարկելի էր, սակայն «Աստուածածին» եզրի վաւերականութիւնը կը մնար հարցական։ Ընդգծելի հարցը Քրիստոսաբանական էր եւ շուտով ծագեցան կարծիքներ, օրինակ. «Կարելի՞ է կոչել Քրիստոսի մայրը որպէս Աստուածածին։ Անոր գործածութիւնը որպէս Մարիամական տիտղոս պայման չէ որ նշանակէ թէ Մարիամ Աստուածային էր կամ թէ ան աղբիւրն էր Անոր Աստուածութեան։ Յամենայն դէպս, քանի մայրութիւնը կապ ունի անձի մը հետ եւ քանի որ Յիսուսի անձը Աստուածային է, ուրեմն Մարիամ արդարօրէն կրնայ կոչուիլ «Աստուածածին»։ Նկատի առնելով Յիսուսի բնութիւնը, Ս. Կոյս Մարիամ աղբիւրն է անոր մարդկային իրականութեան եւ ոչ թէ իր Աստուածութեան։ Այսպէս, «Աստուածածին» եզրը կ’ունենայ վաւերական իմաստ մը։
Այս եզրին շուրջ վէճը բուռն թափ առաւ։
Նեստոր նաեւ երկու տարբեր անձեր կ’ենթադրէր Քրիստոսի մէջ. «Աստուած ի մարդն բնակեալ է միայն եւ անմասն է ամէն մարդկային բնութեան գործերէ»։ Այսպիսով Նեստոր մարդեղութիւնը եւ միաւորութիւնը ջնջած կ’ըլլար, փրկագործ տնօրէնութիւններն ալ սոսկ մարդու վերագրելով, մարդադաւան սկզբունք մը քարոզած կ’ըլլար։ Կոստանդնուպոլսոյ Աթոռին հոգեւորականները, իրենց Աստուածաբանական մտածողութեամբ՝ Աղեքսանդրացի, ընդդիմացան Նեստորին դէմ եւ անմիջապէս իր գրութիւններէն կտորներ յղեցին Աղեքսանդրիա եւ Հռոմ։ Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքը, Կիւրեղ, եւ Նեստոր նամակցեցան իրար հետ։ Կիւրեղ գրեց անոր մանրամասն մեկնութիւն մը Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակին վերաբերեալ, բանաձեւեց «Մի է բնութիւն Բանին մարմնացելոյ» բանաձեւը եւ յորդորեց Նեստորը որ ետ դառնայ իր մոլորութենէն։ Նեստոր իր կարգին դատապարտեց Կիւրեղը Նիկիական հանգանակը սխալ հասկնալուն համար։ Իւրաքանչիւրը նամակներ յղեցին Հռոմ։ 43Օ6ին, Հռոմէական տեղական ժողով մը գումարուեցաւ գլխաւորութեամբ Սելեսթին Ա. Պապին, ուր դատապարտեցին Նեստորը եւ հեղինակաւորեցին Կիւրեղը բերելու Նեստորը Ուղղափառութեան։ Նեստորի մերժումին վրայ, Կիւրեղ ժողով մը գումարեց Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Ժողովը յառաջ բերաւ Քրիստոսաբանական խոստովանանք մը եւ ցանկ մը տասներկու նզովքներու, որը յղուեցաւ Պոլիս որպէսզի Նեստոր ստորագրէ։ Խաղաղութիւն ստեղծելու տրամադրութեամբ Թէոդոսիոս Կայսրը ժողով հրաւիրեց Եփեսոսի մէջ, Յունիս 7, 4316ին։ Այդ օր ներկայ էին ՁՕՕ6է աւելի եպիսկոպոսներ, ներառեալ Կիւրեղն ու Նեստորը։ Արեւելքի եպիսկոպոսները սակայն, գլխաւորութեամբ Յովհաննէս Անտիոքացիի տակաւին չէին ժամանած։ Հակառակ Արեւելքի եպիսկոպոսներուն բացակայութեան, Կիւրեղ  Ժողովը բացաւ Յունիսի ՁՁ6ին։ Նեստոր մերժեց ներկայանալ Ժողովին, քանի իրեն համախոհները դեռ չէին ժամանած։ Ժողովի ընթացքին բոլոր նամակագրութիւնները կարդացուեցան եւ Կիւրեղի նամակը վաւերացուեցաւ որպէս Ուղղափառութիւնը  ջատագովող, իսկ Նեստորի պատասխան նամակը դատապարտուեցաւ որպէս հակառակ Նիկիոյ ժողովի վճիռներուն։ 1Ձ նզովքները Աղեքսանդրիոյ ժողովին ընդունուեցան եւ Նեստոր վար առնուեցաւ իր Աթոռէն։ Չորս օրեր ետք, Եփեսոս ժամանեցին Արեւելքի եպիսկոպոսները։ Լսելով ժողովի որոշումներուն մասին, անմիջապէս ժողով գումարեցին եւ դատապարտեցին Կիւրեղը։ Յուլիս ամսու սկզբնաւորութեան, պապական նուիրակը ժամանեց Եփեսոս եւ այս անգամ կրկին հաստատեց Նեստորի դատապարտութիւնը։ Կիւրեղ եւ իրենները ապա բանադրեցին Անտիոքի Եպիսկոպոսը, եւ այս կէտին վրայ, Կայսրին ներկայացուցիչը փակեց ժողովը։
Թէոդոսիոս Կայսր վերջապէս աքսորեց Նեստորը, նախ Պոլսէն՝ Անտիոք եւ ապա Եգիպտոս։ Կիւրեղ Աղեքսանդրացի վերադարձաւ Աղեքսանդրիա ստուածաբանական եւ Քաղաքական մեծ յաղթանակով։
Հայեր ներկայ չէին սոյն ժողովին։

Details

Date:
August 5, 2023
Event Category: