Loading Events

« All Events

  • This event has passed.

Commemoration of the Pontiff St. James of Nisibis Սուրբ Յակոբ

December 14

Pontiff St. James of Nisibis is one of the authoritative and beloved saints of the Universal Church. He has deserved the epithet “Thaumaturge” (Wonderworker) for the numerous miracles relating to his name. According to hagiographers sources St. James was from a Parthian dynasty and the nephew of St. Gregory the Illuminator.
When the family members of Anak the Parthian were killed nurses secretly fled to Caesaria taking with them baby Suren and James. In Caesaria they were educated in Christian spirit. After his graduation James refused from safe and well-to-do life and became a hermit. He left for Nisibis where he met hermit St. Maruge, who was famous for leading a life befitting saints.
Learning from the hermit Maruge that many people despite their conversion to true faith were skeptic and suspicious about the existence of Noah’s Ark James decided to climb the mountain in order to see the Ark and bring a piece of it.
Despite his inflexible will-power he couldn’t reach the peak and after long sufferings he had a short nap. The angel visited him in his dream and put a piece of the Ark under his head. According to the tradition in the place where St. James had lain down appeared a cold stream having healing and miraculous qualities. In the future a church bearing the saint’s name was built nearby the stream. The piece of the Ark is up to date kept in the museum of the Mother See of Holy Etchmiadzin.
St.James( Sourp Hagop) is one of the clergymen participating in the Nicene Council in 325. After the death of the Bishop of Nisibis God appeared to Maruge and told him that St. James was the deserving candidate for the Bishop of Nisibis. St. James passed away in 350 AD.
Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետ
Ազգային աւանդութիւն մը կը կարծէ, թէ Յակոբ զաւակն է Անակի քրոջ՝ Խոսրովուհիի, որով Լուսաւորչի հօրաքեռորդին եղած կ՝ըլլայ, եւ թէ քոյր մըն ալ ունեցած է, Ասկնդնէ անունով, որ Գթաց թագաւոր Հռչէի մայրն եղած է։ Սակայն ըստ այլոց Յակոբ բնիկ Մծբնացի ասորի մըն է, եւ մեր Յայսմաւուրքն ալ տարբեր տեղեր տարբեր կարծիքներ կը կրկնէ։
Ամէնքը կը միաբանին ըսել, թէ անոր առաջին կեանքը խստամբեր եւ ճգնաւորական եղաւ Կորդուաց լեռներուն մէջ, թէ Մծբին դարձած ատեն միացաւ Մարուգէ կամ Մարկեղոս ճգնաւորին հետ, թէ դիոկղետիանոսի ատեն հալածանք ալ կրեց, եւ թէ ժողովրդեան բռնադատութեամբ Մծբինի եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Ամիդի մետրոպոլիտէն։ Յակոբ թէ՛ հովուութեամբ, եւ թէ՛ վարդապետութեամբ նշանաւոր եղաւ եկեղեցւոյ մէջ, Նիկիոյ սուրբ ժողովին եւ Անտիոքի ժողովին ալ ներկայ գտնուեցաւ, եւ հրաշքներով եւ գուշակութիւններով հռչակուեցաւ, եւ Սքանչելագործ անունով փառաւորուած հայրապետներէն մէկը ճանչցուեցաւ։
Անոր կը վերագրուի եւս Արարատի վրայ բարձրանալու յանձնառութիւնը, որպէսզի հաստատէ ջրհեղեղի ճշմարտութիւնը, տապանին փայտէն կտոր մը բերելով։ Այս առիթով հրեշտակի ձեռքէն կտոր մը ստացած է կ’ըսուի, քանի որ իրեն անհնար եղած է Արարատի գագաթին սառնամանիքներէն աւելի վեր բարձրանալ։ Էջմիածնի գանձարանին մէջ ցարդ կ’պահուի Ս. Յակոբի բերած տախտակէն մաս մը, որ քարացած փայտի կտոր մըն է։ Յակոբ ոչ միայն կ՝ուզեր ջրհեղեղի ստուգութիւնը հաստատել, այլեւ լուծել միւս խնդիրը, թէ Հայոց Արարատին, թէ ոչ Կորդուաց Սարարատին վրայ նստած էր տապանը։
Կը պատմուի նոյնպէս թէ Արտամէտ գիւղացի՝ սրունքնին բաց լաթ լուացող աղջիկները, Յակոբի անցած ատեն ծածկուած չըլլալնուն համար, անկէ անիծուեցան եւ մազերնին ճերմկցաւ։
Մինչեւ հիմա ալ կը տեսնուին Արտամէտցի աղջիկները, որ մազերնուն մէջ ճերմակ փունջեր ունին։ Յակոբի վրէժխնդիր հրաշքները մեծապէս օգտակար եղան Մծբնացւոց, որոնց քաղաքը փրկեց Շապուհի արշաւանքէն եւ պաշարումէն։
Արտաքին պատմութիւնն ալ կը հաստատէ Պարսից անյաջողութիւնը 350-ին, Մծբինի պաշարման առթիւ։ Քիչ ետքը վախճանեցաւ Յակոբ՝ Մծբինի աթոռին վրայ խաղաղութեամբ։ Իրեն անունով վանքեր եւ իրեն մասունքները յաճախ են Ռշտունեաց եւ Մոկաց գաւառներուն մէջ։
Ս. Յակոբ յատուկ ժողովրդական բարեպաշտութեան առարկայ է Հայոց մէջ, իբր երկնաւոր պաշտպան մը ընդդէմ ժանտախտի եւ ժանտամահի, ինչպէս Ս. Խարալամպոս Յունաց եւ Ս. Ռոքոս Լատինաց համար։                                     http://lusamut.net/

Details

Date:
December 14
Event Category: