On the last Sunday of September the Armenian Church celebrates the discovery of a piece of Lord’s Cross on mount Varak near Van, where it was concealed by Hripsime, the nun, who hid this holy relic from persecutors.
The old Armenian tradition tells us that in the 7th century a hermit by the name of Thotig who lived on Mount Varak saw a vision of a church with twelve pillars on the top of Mount Varak. He saw in the center of the pillars a brilliant cross. A little later the cross in the apparition moved slowly down the mountain and rested upon the holy altar of the Monastery of Varak. Thotig and his student Hovel rushed to the church and prostrated themselves before a holy relic there, which the vision revealed to be truly a piece of the Holy Cross. It was 650 or 660 A.D. when Catholicos St. Nersess III the Builder declared that each year the Sunday closest to September 28 or the second Sunday of Exaltation be dedicated to Holy Cross of Varak. It is most likely that it was the day that he wrote a beautiful sharagan, Nushanav Amenahaght Khachivut, “By the sign of Your all powerful Holy Cross”, who is one of the most moving and popular sharagans(church hymns) of the Armenian church.
ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ
Հայոց Առաքելական Եկեղեցին Սուրբ Խաչին նուիրած է չորս տօներ՝ Խաչի Երեւում, Խաչվերաց, Գիւտխաչ եւ Վարագայ Խաչ։
Սակայն Վարագայ Խաչին տօնը միայն մեր Եկեղեցին կը կատարէ։ Հաստատուած է 653 թուին երբ երռկու ճգնաւորներ Թոդիկ եւ Հովել, Աստուծոյ ողորմութեամբ Վարագայ լեռան վրայ Քրիստոսի Խաչափայտի տեսիլը ունեցան։
Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ Հայաստանի մէջ Հռիփսիմեանց Կոյսերը որոնք Դիոկլետիանոս կայսրի կողմէ հալածուծ էին կը հաստատեն վանք մը Վարագայ լեռան լանջին։ Սուրբ Հռիփսիմէն իր վզին կը կրէր Քրիստոսի խաչափայտէն մասունք մը զոր ստացած էր ժառանգաբար Կլավտիոս կայսրի տիկնոջ կողմէն։ Պատմութիւնը կը վկայէ թէ Հայոց Թագաւորին կողմէն Հռիփսիմեանց կոյսերը սաստիկ կը հալածուին։ Սուրբ Հռիփսիմէն իր խաչը կը պահէ Վարագայ լեռան վրայ։
Այսպէս կը սկսի աւանդութիւն մը որ կը պատմէ թէ Քրիստոսի Սուրբ Խաչի մասունք մը պահուած կեցած է Վարագայ լեռան քարայրի մը մէջ։
653թ. երկու ճգնաւորներ Թոդիկ եւ Հովել, Վարագայ լեռան վրայ ճգնելով կ՚աղօթէին որ Աստուած իրենց յայտնէ պահուած Խաչին վայրը։ Աստուած իրենց աղօթները ընթունելով կ՚իրականացնէ իրենց խնդրանքը եւ օր մը լոյսի տեսիլքով 12 սիւներու մէջտեղէն եւ վանքի եկեղեցւոյ խորանին վերեւէն կը տեսնուի Սուրբ Նշանը։ Նոյն ատեն կը լսուի ձայն մը որ կ՚ըսէ՝
« Քրիստոս հաճեցաւ բնակիլ Սուրբ խաչին մէջ, ի պահպանութիւն եւ ի փրկութիւն Հայց աշխարհին»։
Լուււեղէն Սուրբ Նշանը 12 օրեր շարունակ կ՚երեւի Վարագայ լեռան գագաթին վրայ։
Հոգեւորականներ եւ իշխաններ, Հայոց Ներսէս Գ Տայեցի կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ կու գան Վարագ Սուրբ Խաչին մասունքը երկրպագելու։
Այս առթիւ կը գրուի նաեւ « Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ Քով Քրիստոս» շարականը եւ մինչեւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը կը սահմանուի հինգօրեայ շաբաթապահք, որ ժողովրդը զայն կոչէց «պահք վանեցիների»։