Loading Events

« All Events

  • This event has passed.

Great Friday

April 7, 2023

Great Friday-Memorial of the Crucifixion and the Burial of Jesus

The Good Friday is the most solemn and sad day for Christians. It commemorates the unspeakable SUFFERINGS, CRUCIFIXION, DEATH, and ENTOMBMENT of our Lord. Every good Christian should make a special effort to break the routine of his business at least for a time between 12:00 noon and 6:00 p.m. and go to some church to meditate about these heart breaking events. Most unfortunately sometimes the commemorative service of Crucifixion is not practiced in our churches in America. At any rate, the Burial or Entombment service invariably takes place in all our churches in the evening of this great day.

At noon on Friday the Church in deep sorrow commemorates the Crucifixion and death of our Lord Jesus Christ with readings, psalmody and hymns. The readings from the Old Testament refer particularly to the Messianic prophecies, which reflect upon Christ’s being the awaited Messiah. The Gospel readings deal with Christ’s passion, crucifixion and death upon the Cross. The services in the evening concentrate on the entombment of Christ. Herein is read the Gospel of Matthew 27:57-61.

A white tomb is placed in the chancel of the church adorned with flowers.   In many churches during the services the tomb is taken in procession around the church, where after the faithful approach to venerate: and kissing the Gospel, take a flower from the tomb.

Յուդայի Ուրբաթ

Աւագ շաբաթուան «Ե» օրը կը նկատուի իբր «յիշատակ Չարչարանաց, Խչելութեան եւ Թաղման Յիսուսի»: Մեր Տիրոջ Չարչարանաց եւ Խաչելութեան խորհուրդը ցոյց տուաւ Աստուծոյ անհուն սէրը առ մարադիկ,  «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ անգամ տուաւ իր միածին Որդին, որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը» Յով. 3:16:

Քրիստոսի խաչելութեան յիշատակը կը կատարուի Աւագ Ուրբաթ օրը ցերեկին: Չարչարանաց եւ Խչելութեան պատմութիւնը, ինքնին, սուրբ եւ խորհրդաւոր պատմութիւնը կը կազմէ փրկագործութեան մեծ խորհուրդին: Խաչին վրայ բարձրացող Քրիստոսը, աւելի քան տէր մը, աւելի քան թագաւոր մըն է. Ան երկինքի եւ երկրի արարիչն է, Աստուած Բանը, Փրկիչը աշխարհի: Այսպէս՝ անձնազոհութեան օրէնքը Աստուծոյ օրէնքը եղաւ, որովհետեւ Սուրբ Խաչը Աստուծոյ եւ կատարելութեան երթալու միակ ճամբան եղաւ: Անով եւ անոր բացած ճառագայթարձակ զօրութիւնով կարելի է յաղթահարել աշխարհային փորձութեանց եւ չարին: Ապրինք խաչով, ապրինք Քրիստոսով եւ քրիստոնէութիւնով, որպէսզի յաղթանակենք:

Աւագ Ուրբաթ Պատարագ չի մատուցուիր, որովհետեւ Քրիստոս պատարագուեցաւ խաչի վրայ:

Ուրբաթ իրիկուն կը կատարուի թաղման գլխաւոր կարգը, Աւետարանին ցոյց տուած ժամերուն համեմատ: Եկեղեցւոյ մէջ կը զետեղուի գերեզմանը կամ դագաղը խորհրդանշող եւ սպիտակ սիւնազարդ տաճարի մը մանրանկարը ձեւացնող «թաղում»ը:Աւելի նոր սովորութիւն մը ունինք այժմ յոյներու նմանութեամբ թափօր դառնալ «Պարգեւատուն» շարականով: Աւարտին կը կատարուի «Խաչի քո Քրիստոսի» խնկարկութիւնը: Արարողութիւններէն վերջ, ժողովուրդը «թաղում»ին մէջ դրուած ծաղիկները կը վերցնէ ու տուն կը տանի իբր բուժակ:

Details

Date:
April 7, 2023
Event Category: