All Day

Sts. Thadeus the Apostle and Sandukh the Virgin

Commemoration of the Apostle Thaddeus and the Virgin Sandoukht St. Thaddeus the Apostle and St. Sandoukht the Virgin are two of the most venerated saints in the Armenian Church, as the “Great Conversion” of the Armenian nation to Christianity is significantly connected with their names. Following the Ascension of Christ, according to the Lord’s message: “Go then to all peoples everywhere and make them make them my disciples...”, Thaddeus departs for Edessa.  There he preaches the Gospel, and among his numerous miracles, also heals the king of Osrhoene named Abgar.  In the year 44 A.D., Thaddeus travels on to Armenia and enters the domain of the pagan King Sanatrouk.  After preaching in various parts of Armenia, St. Thaddeus converts many to Christianity, who become the foundation for the Armenian Church.  The Apostle Thaddeus, while in the region of Artaz, gains access to the royal palace and converts Princess Sandoukht, the daughter of the king, to Christianity. The Armenian King Sanatrouk becomes aware of his daughter’s conversion and exhorts her to return to her native heathen religion, but his efforts are in vain.  The enraged king imprisons both the Virgin Sandoukht and St. Thaddeus and subjects them to severe torments.  Another effort is made to persuade the Virgin to give up Christianity by the governor of the royal palace, an Armenian prince.  This effort only ends with the prince becoming a Christian as well.  The king, able to bear no more, finally orders the death of the Apostle Thaddeus and his own daughter, Sandoukht.  They are martyred together in Shavarshan, the summer residence of the royal family. http://www.araratian-tem.am/index.php?page=Holidays&id=1961 ԹԱԴԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ ԵՒ ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԿՈՅՍ Լաբուբնիայի աւանդական պատմութեան համեմատ, Յիսուսի համբառնալէն ետքը, Յուդա - Թովմաս առաքեալ, տասներկուքէն մէկը, մականուանեալն Դիդիմոս, որ կը նշանակէ Երկուորեակ (Յովհ. ԺԱ. 16), իր երկուորակից Թադէոս Դիդիմոսը, որ եօթանասնից թիւէն էր, կը ղրկէ Եդեսիա, Յիսուսի տուած խոստումը կատարելու համար։ Ըստ այս աւանդութեան, Թադէոս կ’իջեւանի Տուբիա անուն Հրէայի մը տունը. Աբդիու անուն նախարար մը լուր կու տայ Աբգարի. Թադէոս արքունիք կը տարուի, Աբգար կը հիանայ ու երկրպագութիւն կ’ընէ, եւ իբր Յիսուսէ խոստացուած բժիշկը կ’ընդունի. Թադէոս կը քարոզէ, Աբգար կը հաւատայ եւ հրաշքով կը բժշկուի, ինչպէս նաեւ կը բուժուի Աբդիուի կաղութիւնը։ Աբգար շատ հարուստ ընծաներ կը նուիրէ, բայց Թադէոս կը մերժէ, եւ համարձակութիւն կ’ընդունի ժողովուրդին քարոզելու։ Քրիստոնէութիւնը կը հաստատուի Եդեսիոյ մէջ. իշխաններ եւ իշխանուհիներ եւ ժողովուրդներ խմբովին քրիստոնեայ կ’ըլլան, եկեղեցիներ կը կանգնուին եւ աւետարանը կը զօրանայ Եդեսիոյ մէջ։ Հայ մատենագիրներ տարտամ եւ անորոշ գաղափար մը ունին իրենց առաջին առաքեալ Թադէոսին վրայ, զոր երբեմն տասներկուքէն եւ երբեմն եօթանասուներկուքէն մէկը եղած կը կարծեն։ Գրիգոր Տաթեւացիի համաձայն «Կենսաբուղխ սուրբ աւետարանն զԹադէոս առաքեալն մեր յերկոտասանիցն ասէ, Ղէբէոս որ անուանեցաւ Թադէոս... ոմանք յեօթանասնիցն ասեն, զի եօթանասուն աշակերտացն գլուխ եւ վարդապետ էր»։ Յուդա-Թադէոս առաքեալի մասին եղած աւանդութիւններէ կը քաղուի, թէ նախ Կապադովկիոյ մէջ քարոզեց ուր Թէոփիլոսը ձեռնադրեց եւ իրեն տեղ թողուց, անկէ Հայաստան մտաւ, եւ մինչեւ Պարսից կողմերը գնաց եւ Պարսկահայ գաւառներու մէջ նահատակուեցաւ։ Նոյնիսկ Լատիններ կ’ընդունին թէ Հայոց առաջին լուսաւորիչներէն մին եղաւ Յուդա-Թադէոս առաքեալը։ Հայոց աշխարհին լուսաւորութեան բուն պատմութիւնը կը սկսի Թադէոսի Հայաստան մտնելէն, որ զանազան կողմեր առաքելական պտոյտներ ընելէ ետքը կը հասնի Արտազ գաւառի Շաւարշան քաղաքագիւղը, ուր կը գտնուէր Սանատրուկ թագաւոր։ Թադէոսի քարոզութիւնները եւ բժշկութիւնները իրենց ազդեցութիւնը ունեցան եւ շատեր հաւատացին Քրիստոսի, որոնց մէջ կար նաեւ թագաւորին դուստրը՝ Սանդուխտ։ Ասոր վրայ Սանատրուկ բարկանալով կը հրամայէ սրէ անցնել հաւատացեալները եւ բանտարկել իր դուստրը՝ Սանդուխտ։ Թադէոս ազատ կը մնայ հրաշքով, եւ Սանդուխտն եւ ուրիշ բանտարկեալները կը քաջալերէ, բանտապաններէն 33 հոգի կը հաւատան եւ կը մկրտուին։ Թագաւորին կողմէ իշխան մը բանտ կը ղրկուի Սանդուխտը տարհամոզելու, բայց այն ալ կը հաւատայ 5Օ ընկերներով, եւ դարձեալ ՁՕՕ հոգի կը նահատակուին թագաւորին հրամանով։ Նոր փորձերէ ետքը, Թադէոս եւ Սանդուխտ եւ ուրիշ հաւատացեալներ թագաւորին առջեւ կը հանուին։ Կը փորձեն Սանդուխտը մեղմութեամբ տարհամոզել, բայց անյաջող դուրս կու գան. կը սպառնան եւ կը կապեն ալ, բայց հրաշքով կապերը կը լուծուին։ Թագաւորէն ղրկուած նոր իշխան մըն ալ կը հաւատայ եւ մկրտուելով կը կոչուի Սամուէլ եւ կը նահատակուի. ուրիշ 3 ու 4 գլխաւորներ ալ անոր ետեւէն. անոնցմէ ետքն ալ կը նահատակուի Զարմանդուխտ անուն իշխանուհի մը թագաւորին ընտանիքէն։ Վերջապէս Սանդուխտի սպանման վճիռը կը տրուի։ Սակայն հրաշքներ տեղի կ’ունենան, եւ սխալմամբ դահճապետը կը զարնուի, եւ ժողովուրդէն ՁՕՕՕ հոգի եւս կը հաւատան ու կը մկրտուին։ Իսկ Սանդուխտ կը նահատակուի կուրծքէն զարնուելով։ Երեք օր ետքը կը ձերբակալուի Թադէոս առաքեալն ալ, նախ գազաններու առջեւ եւ յետոյ հնոց կը նետուի, եւ երկուքէն ալ անվնաս ազատելուն վրայ՝ 433 հոգի կը հաւատան, կը մկրտուին ու կը նահատակուին։ Առաքեալը գլխատման կը տարուի, բայց դահիճը սխալմամբ իր եղբայրը՝ Զեմենտոսը կը զարնէ, զոր առաքեալը կը կենդանացնէ եւ անոր վրայ 7ՁՕ հոգի եւս կը հաւատան, եւ վերջապէս Թադէոս սրով կը նահատակուի։ Լոյս մը կը ճառագայթէ եւ մերձակայ վէմ մը կը բացուի եւ առաքեալին մարմինը ներս կ’առնէ, եւ 34ՕՕ հոգի կ’ըլլան հաւատացեալները։ Այս է Հայոց առաջին լուսաւորութեան պատմութեան ամփոփումը, համաձայն հնաւանդ գրութեանց, որ Դ. դարու գործ համարուած են գրագէտներէ, եւ որ պարզապէս ազգային աւանդութեան վրայ հիմնուած է։