Loading view.
The Armenian Church celebrates the Feast of the Ascension of Our Lord on the fortieth day following the Feast of the Glorious Resurrection of Our Savior Jesus Christ. Following His Resurrection and defeat of death, Christ remained on earth for forty days, and continued to appear to His disciples. On the fortieth day, the disciples saw Christ for the last time. He blessed them and leaved them with instructions, after which He ascended into heaven. Two of the Gospel writers, St. Mark (Mark 16:19) and St. Luke (Luke 24: 50-53), testify about Christ’s ascension. There is also an account of it in the Acts of the Apostles (Acts 1:9-11).The hymn that is sung in the Armenian Church on Ascension Day mentions the miraculous event of Christ’s Ascension into heaven and the descent of the Holy Spirit on the Apostles. In the Armenian Church, the day of Jesus Christ’s Ascension is also commemorated for another reason as well. On this date in 1441, the See of the Catholicosate of All Armenians was returned to its historical origins. Following a resolution of the National Assembly gathered in Vagharshapad, the Patriarchal See was relocated from the city of Sis in Western Armenia to the Mother See of Holy Etchmiadzin. Following his vision of Christ striking the ground with a golden hammer, St. Gregory the Illuminator had founded the Cathedral of Holy Etchmiadzin in 303. However, less than 200 years later, in 484, the Patriarchal See was forced to relocate, and for the next 1000 years, settled in various cities throughout Armenia. The decision to return the throne of the Catholicos to the Mother See of Holy Etchmiadzin was the fulfillment of a national dream for the Armenian people. Համբարձման տօնը տօնն է մարդուն փրկութեան կատարելագործումին: Փրկութեան ամբողջ ընթացքը, այսինքն՝ Ծնունդը, Չարչարանքը, Մահը եւ Յարութիւնը Կ'ամբողջանայ Քրիստոսի Համբարձումով: Յիսուսի Երկինք համբարնալը տեղի ունեցաւ, համաձայն աւետարանական վկայութեան, Իր յարութենէն քառասուն օր ետք: Մինչ այդ, մեր Տէրը երեւեցաւ իր աշակերտներուն։ Խօսեցաւ իրենց հետ, տալով անոնց Իր վերջին պատգամները: Ան Հաց կտրեց անոնց հետ, յայտնելով Ինքզինքը այնպէս ինչպէս Սուրբ Պատարագի ընթացքին: Իր խաղաղութիւնը տուաւ անոնց, ու խոստացաւ անոնց ղրկել Մխիթարիչ մը՝ Սուրբ Հոգին, որ պիտի մնայ իր Եկեղեցիին հետ մինչեւ աշխարհի կատարածը: Այսպէս Քրիստոս կատարելագործեց իր Մարդեղութեան խորհուրդը եւ ապայ փառքով երկինք համբարձաւ, ո'չ թէ որպէս սոսկ Աստուած, այլ եւ որպէս մարդկային բնութիւն հագած Աստուած: Հայ Առաքելական Եկեղեցին մայիս 14-ին պիտի յիշատակէ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռը Սիս քաղաքէն Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածին փոխադրելու օր: Պատմութեան թելադրանքով 484 թ. Հայաստանի տարբեր վայրերէն հանգրուանած Հայրապետական Աթոռը 1441 թուականին Վաղարշապատի ազգային-եկեղեցական ժողոուի որոշմամբ մեկընդմիշտ վերահաստատուեց Սբ. Էջմիածնի մէջ: Ի յիշատակութիւն պատմական այդ դեպքին` Սբ. Էջմիածնի մէջ՝Համբարձման տօնի առթիվ կը մատուցուի Սբ. Պատարագ եւ յաւարտին, Իջման Ս. Սեղանին առջեւ կը կատարուի նաեւ Հայրապետական մաղթանք:
PENTECOST (Advent of the Holy Spirit) Acts 2:1-21, John 14:25-31 Pentecost is one of the most important feasts on the Christian calendar that falls fifty days after Easter. The feast marks the event of the descent of the Holy Spirit on the apostles of Jesus gathered in the Upper Room in anticipation of the fulfillment of the Lord’s promise. The Holy Spirit came in the form of a “tongues of fire”, as of a rushing wind," rested upon the apostles and transformed them from a band of fearful and timid individuals into a force of bold and empowered leaders. The Church celebrates Pentecost not just as a historical event but as the feast of empowerment of every believer who receives the Holy Spirit in the Sacrament of Holy Chrismation. Recording the words of Christ, St. John writes, “The Comforter, the Holy Spirit, whom the Father will send in my name, will teach you everything and make you remember all that I have told you.” (John 14:26). The descent of the Holy Spirit is described in the Acts of the Apostles: (Acts 2:1-4). ՀՈԳԵԸԳԱԼՈՒՍՏ Հոգեգալուստը՝ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ սկզբնաւորութիւնն է: 33թ. Յ.Ք Երուսաղէմի մէջ, Յիսուսի Համբարձումէն տաս օրեր յետոյ, այսինքն ԶԱՏԻԿԻՆ 50րդ օրը, հրէական «ՊԵՆՏԵԿՈՍՏԷ» կոչուած տօնին յաջորդող Կիրակիին տեղի ունեցաւ Հոգեգալուստը: «Երբ Պենտեկոստէի տօնը հասաւ, բոլորն ալ միաբան՝ (հաւաքուած բազմութիւնը հարիւր քսան հոգիի չափ էր, տէս Գործք Ա:15) մէկ տեղ էին: Յանկարծ շառաչ մը եղաւ երկինքէն՝ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս, ու լեցուց ամբողջ տունը՝ ուր նստած էին: Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ, ու հանգչեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ: Բոլորն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ ուրիշ լեզուներով, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար: Երուսաղէմ բնակող Հրեաներ կային, բարեպաշտ մարդիկ՝ երկինքի տակ եղած ամէն ազգէ: Երբ այս ձայնը եղաւ, բազմութիւնը համախմբուեցաւ ու շփոթեցաւ, որովհետեւ կը լսէին թէ անոնք կը խօսէին իրենցմէ իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով: Բոլորն ալ զմայլած էին եւ կը զարմանային՝ իրարու ըսելով. «Ահա՛ ասոնք բոլորն ալ՝ որ կը խօսին, միթէ Գալիլեացի չե՞ն: Ուրեմն ի՞նչպէս կը լսենք՝ մեր իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով, այն երկրին՝ որուն մէջ ծնած ենք. Պարթեւներ, Մարեր ու Եղամացիներ, եւ անոնք որ կը բնակին Միջագետքի, Հրէաստանի, Կապադովկիայի, Պոնտոսի, Ասիայի, Փռիւգիայի, Պամփիւլիայի ու Եգիպտոսի մէջ, եւ Կիւրենէի մօտ՝ Լիպիայի կողմերը, նաեւ Հռոմէն գաղթած Հրեաներ ու նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբներ, կը լսենք թէ անոնք կը խօսին Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին՝ մե՛ր լեզուներով»: Բոլորն ալ զմայլած էին, ու տարակուսած՝ կ՚ըսէին իրարու. «Ի՞նչ կրնայ ըլլալ ասիկա»: Ոմանք ալ ծաղրելով կ՚ըսէին. «Անոնք լի են անոյշ գինիով»: Պենտեկոստէի դէպքին արդիւնքները քլխաւորաբար երկուք են: Առաքեալներու կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ յառաջ բերւեցան: Փոխուեցան անոնց զգացումները, խորհուրդները, կեանքի հանդէպ անոնց գաղափաբարները: Փոխուցան նաեւ անոնց շարժումները, որովհետեւ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին ցոյց տուաւ իրենց որ աշխարհը ուրիշ կերպարանք մը եւ նոր իմաստ մը ունի եւ իրենք ալ աշխարհի համար նորոգուած անձեր եղան: Առաջ վախկոտ էին, բայց ահա հիմա քաջութեամբ լեցուած են եւ պատրաստ են դարձնելու իրենց կեանքը իբր միջոց նուիդուելու եւ ծառայելու: Պենտեկոստէի միւս գլխաւոր արդիւնքն էր որ երեւան բերաւ՝ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ հրաշալի հաստատութիւնը՝ այսինքն ծնաւ քրիստոնէական Եկեղեցին: Քրիստոնեաներուն թիւը Սուրբ Հոգիի իջած օրը 120 էր բայց Պետրոս առաքեալի քարոզութեամբ (քարոզողը՝ Սուրբ Հոգին էր) 3000 հոգիներ մէկ անգամէն դարձի եկան եւ իրենց թիւը աճելով դարէ ի դար այսօր 800 միլիոնը անցաւ: Հրաշալի ու յարատեւ այս աճումը Եկեղեցին կը պարտի՝ Ս.Հոգիի ներգործութեան, առաքեալներու եւ առաջին քրիստոնեաներու աղօթքին, հաւատքին, գործին եւ նուիրումին: