Feasts of Saints
Commemoration of Archangels Gabriel and Michael and the Entire Heavenly Class
Angels are not like the other saints on the Church’s calendar who were all human beings. Angels are celestial beings created on a high- er order than man. They are completely spiritual beings; they have intelligence and will; they are personal and immortal creatures. An- gels are the servants and messengers of God -- in fact, this is what the word “angel” means. Several different kinds (or ranks) of angels are mentioned in the Bible: angels, archangels, cherubim, seraphim, thrones, choirs, dominions, principalities, and powers. Michael the archangel, whose name in Hebrew means “Who is like God?” is revered as the leader of the angelic army who will conquer Satan and his armies of demons, and is considered the defender of the Church. Michael is more often represented in art thank any other angelic being. He is often shown wearing armor, in the act of slaying the great Dragon of the Apocalypse in Revelation 12:7-9. The archangel Gabriel, whose name in Hebrew means “Strength of God”, announced the birth of John the Baptist to Zachariah, and soon after, announced to Mary that she was to become the mother of Our Lord. The archangel Raphael, whose name means medic or ointment of God, is mentioned by name in the Old Testament book of Tobit (Tobias), whom the angel aided by healing him of blindness and guiding him on his travels. Տօն Հրեշտակապետաց Հրեշտակները ստեղծուեցան Աստուծոյ կողմէ որպէս պատգամաւորներ: Մեր եկեղեցւոյ Հրեշտակաբանութեան համաձայն` հրեշտակները անմարմին գոյացութիւններ են, իմացական, անձնիշխան, մշտաշարժ, անսեռ եւ անմահ Աստծոյ սպասավորներ: Իրենք կը ներկայանան իբր լուսեղեն էակներ, ստեղծուած արարչագործութեան առաջին օրը` լույսի հետ միասին: Աստծոյ հրահանգով իրենք կոչուած են նաեւ մարդ արարածին սպասարկելու: Հետեւաբար իրենք սպասաւոր հոգիներ են, որոնք երկնաբնակ ըլլալով, մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ երկրաւոր կեանքի մէջ: Կը գործեն ժամանակի եւ տարածքի մեջ ապրող մարդու հետ եւ մարդու համար: Անոնք անմահ սպասաւորներ են: Հետևաբար իրենք սպասաւոր հոգիներ են, որոնք երկնաբնակ ըլլալով, մասնակցութին կը բերեն նաև երկրաւոր կեանքի մէջ: Կը գործեն ժամանակի և տարածքի մեջ ապրող մարդու հետ եւ մարդու համար: Աստուածաշունչը կը վկայէ թէ նրանք բազմաքանակ են եւ իննը դասակարգեր ունին՝ Երկնային զուարթուն հրեշտակներ, Հրեշտակապետներ, Վերին պետութիւններ, Իշխանութիւններ, Զօրութիւններ, Անմահ տէրութիւններ, Վեցթեւեան Սերովբէներ, Քառակերպեան Քերովբէներ եւ Անեղին աթոռներ: Այս դասակարգերէն մին են Աստուածաշունչի կանոնական գրքերու մէջ յիշուած հրեշտակապետները միայն Միքայէլ, Գաբրիէլ, Ռաֆայէլն են, իսկ միւսները պարականոն գրքերուն մէջ կը գտնուին: «Միքայէլ» - կը նշանակէ «Ով է որպէս Աստուած», ինք կը նկատուի որպէս ամենաբարձրը հրեշտակներուն մէջ եւ հրամանատար երկնային զօրքերուն: Այս հրեշտակը երկնաւոր Արքայի փառքի եւ անոր ժողովուրդին պաշտպանութեան համար մարտնչողն է. ան՝ որուն տրուած է կառավարելու եւ թագաւորելու շնորհ: Միքայէլ հրեշտակապետն էր որ մաքառեցաւ սատանայի եւ անոր հետեւորդներուն հետ, եւ զանոնք նետեց երկինքէն վար, զրկելով Աստուծոյ երեսը տեսնելու շնորհքէն: Այնուամենայնիւ ինք կառավարիչն է հրեշտակներու դասին, առաջնորդն է իշխանութեանց դասին, գլուխ վերին պետութիւններուն եւ պաշպան Իսրաէլի: «Գաբրիէլ» կը նշանակէ «Աստուած իմ զօրութիւն», եւ կը պատկանի Քերովբէներու դասին: Նոր Կտակարնին մէջ ան կը ներկայանայ որպէս Աստուծոյ պատգամաւորը: Այս հրեշտակապետն էր, որ ուղղարկուած էր Տիրոջ կողմէ Ս. Կոյս Մարիամին, հաղորդելու բարի լուրը՝ իսկ Զաքարիային՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան աւետիսը: Հին Եկեղեցին կը հաւատայ որ ինք այն հրեշտակն էր, որ պտասխանատութիւն ունէր զօրացնելու Քրիստոսը նախքան Խաչելութիւնը: «Ռաֆայէլ» կը նշանակէ «Աստուած կը բուժէ» եւ իր մասին կը կարդանք միայն Տովբիթի գրքին մէջ: Ան կը յայտնուի մարդու կերպարանքով, իբրեւ ուղեւոր կրտսեր Տովբիթին, անուանելով ինքզինք որպէս Մեծն Անանիայի զաւակ՝ Ազարիան: Ուղեւորութենէ վերադարձին կը բուժէ Տովբիթի կուրացած աչքերը եւ կը յայտնէ ինքզինք որպէս Ռաֆայէլ հրեշտակապետ, եօթն մէկը, որ կը կենայ Աստուծոյ առաջ: Ան կը նկատուի որպէս գլուխ զուարթուն հրեշտակներուն եւ բժիշկ: Ան նաեւ կը նկատուի որպէս Հայր գիտութեանց որ սորվեցուց Նոյին ինչպէս Տապանը կառուցել ջրհեղէն առաջ: