Home Blessing Տնօրհներք
Տօնական օրերը, Սբ. Ծնունդ, Զատիկ, կատարեալ չեն համարուիր առանց Տնօրհներքի: Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս Լիբանան, Օր Մեռելոցի եւ անոր շաբթուայ ընթացքին, կ՛ակնկալուէր տեղւոյն եկեղեցւոյ հովիւին այցելութիւնը ամէն ընտանիքէ ներս: Ժամադրուելու կարիք չկար, քանի որ քահանան կ՛անցնէր, նոյն դաղին մէջ, տունէ տուն:
Բայց հոս, Միացեալ Նահանքներու մէջ, հեռաւորութիւններու պատճառաւ, պէտք է հրաւիրել տեղուոյս հովիւը որպէսզի յարմար ժամանակին գայ եւ այցելէ տունը:
Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ բարի հովիւը, Տէր Դանիէլը, միշտ պատրաստ է ընդառաջելու մեր հրաւէրը, իր հայրական բարեմաղթութիւններուն հետ բեռելով նաեւ Եկեղեցւոյ խունկն ու աղօթքը, նշխարն ու Խաչը, օրհնելով նաեւ տան աղն ու հացը եւ ջուրը:
Տէր Հօր ներկայութեամբ կարծես Եկեղեցին է, որ կուգայ իր շարականով եւ օրհներգներով օծելու համար մեր բնակարանը: Կը սիրեմ խունկի բուրումնաւէտ ծուխը տան մէջ. կը պտտցնեմ խնկամանը սենեակէ սենեակ, Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ պահպանողութիւնը հայցելով տան եւ բնակիչներուն վրան:
Կը զարմանամ թէ ինչպէս շատեր բնաւ չեն ունեցած այս օրհնաբեր փորձարութիւնը իրենց յարկէն ներս։
Երբ դեռ զաւակներս փոքր էին, ընտանիօք կը շարուէինք եւ Տէր Հայրը իր խաչը ամէն մէկուն գլխուն վրայ դնելով, կ՛օրհնէր մեզ:
Ինչ մեծ շնորհք է ունենալ Աստուծոյ օրհնութիւնը մեր տան եւ զաւակներուն վրայ որպէսզի անոնք զերծ մնան ամէն տեսակ փորձանքներէ, եւ քալեն Քրիստոսի հետեւելով: Իբրեւ ծնողք, մենք պարտական ենք այս սովորութները պահել եւ փոխանցել մեր զաւակներուն որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին, սորվեցնեն գալիք սերունդին:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս
Եսթեր Կարապետեան